2015-02-15 12:39:27

Ա. Կիրակի Քառասնորդաց` Մուտն Ադամայ ի դրախտն
Մատթ. 6, 1-21


Բուն Բարեկենդանը, զոր այսօր Հայոց Եկեղեցին կը յիշատակէ իր կրօնական իմաստով մեզի կը յիշեցնէ մարդկային առաջին երջանկութիւնը, այսինքն` Ադամի եւ Եւայի դրախտային կեանքը, նախքան իրենց մեղանչելը եւ վտարուիլը դրախտէն դուրս: Այս պատճառով է որ Բուն Բարեկենդանը, որ կը նշանակէ բարի կենդանութիւն, երջանիկ կեանք, ունի նաեւ ուրիշ անուն մը` Մուտն Ադամայ ի դրախտին:
Երկուշաբթի օրը կը սկսի Ծոմի 40 օրուայ շրջանը, որ կոչուած է Աղուհացից, որովհետեւ մեր նախնիքները ամբողջ օրը միայն աղ ու հաց կ՛ուտէին: Քառասնորդաց շրջանը, սուգի եւ տրտմութեան ժամանակաշրջան մը չէ. ընդհակառակն` շնորհքի եւ ուրախութեան շրջան է, որովհետեւ մեզ կը պատրաստէ Քրիստոնէական մեծագոյն տօնին` մեր Տիրոջ Յիսուսին փառաւորեալ Յարութեան: Հետեւաբար, առ ի լաւագոյն եւ արդիւնաշատ պատրաստութիւն հրաշափառ Յարութեան տօնին, Եկեղեցին` մեր հոգին իր նիւթական պատեանէն ազատելու ու զայն սրբացնելու համար մեզի կը թելադրէ երեք տեսակ ծածուկ յարաբերութիւններ: Առաջին յարաբերութիւնը մարդոց միջեւ է, եւ կը թարգմանուի Ողորմութեան գործերով: Երկրորդ յարաբերութիւնը Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ է, եւ կը թարգմանուի Աղօթքով: Իսկ Վերջին յարաբերութիւնը անհատական է, եւ կը թարգմանուի Ծոմապահութեամբ:
Քրիստոնէական մեր հաւատքին համաձայն ի՞նչ կը նշանակէ ողորմած ըլլալ: Ողորմած ըլլալ կը նշանակէ մերձաւորին, տկարին, աղքատին ու թշուառին հանդէպ Լայնասիրտ ու գթասիրտ ըլլալ: Ողորմութիւն ընել մէկ խօսքով կը նշանակէ տալ. ի՞նչ տալ, անձնական ժամանակէն տալ, մտիկ ընել, հաղորդակցիլ եւ նաեւ նիւթապէս օժանդակել: Զգոյշ ըլլալու ենք, սակայն որ մեր ողորմութիւնը հպարտութեան եւ գովասանքի արարկայ չդառնայ.« Երբ ողորմութիւն տաս, կ՛ըսէ մեր Տէրը, մի՛ թմբկահարեր զայն, ինչպէս կ’ընեն կեղծաւորները…մարդոցմէ գովասանք առնելու համար»:
Երկրորդ յարաբերութիւնը որուն մասին կը խօսի Քրիստոս այսօրուայ աւետարանին մէջ աղօթքն է:
Շատեր կը կարծեն որ աշխարհի վրայ, գոյութեանց մէջ ամէնէն առագը ձայնն է, կամ լոյսն է, մինչդեռ ամէնէն առագ միջոցը աղօթքն է, որովհետեւ Տէրը կանխաւ գիտէ մեր սրտին գաղտնիքները եւ մեր խնդրանաքներն ու պաղատանքները, նախքան զանոնք աղօթքի մաս դարձնելը:
Աղօթքը նախ եւ առաջ ճանաչում մըն է մեր մարդկային տկարութեան. ճանաչում` մեր սահմանափակ կարողութիւններուն, որոնք մեզ կը մղեն դիմելու Աստուծոյ, եւ իրմէ գոհացում խնդրելու մեր կարիքներուն:
Իսկ երրորդ գլխաւոր յարաբերութիւնը Ծոմապահութիւնն է: Ծոմապահութիւնը միայն կերակուրէն զրկուիլ չէ, այլ` բարկութենէ, կիրքերէն, ցանկութիւններէն, հպարտութենէն, եսասիրութենէն, ոխակալութենէն, չարամտութենէն, ընչասիրութենէն, սնափառութենէն եւ ուրիշ այլ տեսակ վատ դիտումներէն:
Եսայի մարգարէն, 58 Գլխուն մէջ, շատ գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ թէ ինչ բանի մէջ կը կայանայ հարազատ ծոմը: Փոխանակ պարտադրելու մահացուցումը` Աստուծոյ գութը շարժելու համար, ան կը թելադրէ ճնշել մարմինը ընդհառաջ գալով մեր մերձաւորին օգտակար ըլլալու:
Ով որ կը գործէ ողորմութեան իմաստով ի նպաստ քաղաքացիներուն, կ՛ըսէ մարգարէն, կը նմանի անոր, որ փլատակ քաղաք մը կը վերաշինէ: Եւ այդ ձեւով գործողը, կը շարունակէ, կը կերպարանափոխուի եւ կը զգայ արդարութեան ներկայութիւնը, որ լոյս կը սփռէ եւ կը յայտնէ Աստուծոյ փառքը:
Ահաւասիկ, այս կիրակի օրուան պատգամը: Պատգամ մը, որ մեզ լաւագոյնս կը պատրաստէ քառասնորդաց շրջանին: Քառասնորդաց շրջանը, ժամանակաշրջան մը չէ, եթէ ոչ ողորմութեան, ապաշխարութեան, աղօթքի, եւ ծոմապահութեան: Շրջան մը, եսասիրութենէն դուրս ելլելու դէպի մերձաւորին, հպարտութենէն` խոնարհութեան, մեղքի խաւարէն` լոյսի ճշմարտութեան եւ իմաստութեան, նիւթապաշտութենէն` Աստուածպաշտութեան, եւ յուսահատութենէն` մխիթարութեան:
Թո՛ղ Աստուած` երկարող այս 40 օրուայ ճանապարհորդութեան ընթացքին իւրաքանչիւրիս քայլերը օրհնէ: թո՛ղ Ան դառնայ մեր անմառ լապտերը , որ մեզ կ'առաջնորդէ հոգւոյ եւ մարմնոյ իսկական յարութեան. ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.